Monday, September 7, 2015

ԿՈՉ ԹԻՒ ԵՐԿՈՒ


Թէ ինչո՞ւ թիւ երկու: Որովհետեւ, ըստ երեւոյթին՝ առաջինը, թէ' որպէս բանաստեղծութիւն եւ թէ' անոր հետ առնչուող պատկերիզը այնքան ալ դիւրին չէր ըմբռնելը:

Գանատական դաշնակցային ընտրապայքարի հայկական թեկնածուական էջերը հիմա արդեն փակուեցան երկար ժամանակաշրջանի մը համար:  Միահամուռ (եւ ոչ միայն միասնական) ոյժերով կար երազը եւ այո', նոյնիսկ կարելիութիւնը, Գանատայի խորհրդարանին մէջ զետեղելու երեք հայ երեսփոխաններ, որոնք ո'չ միայն թումբ՝ այլ նոյնիսկ հզօր պարիսպ մը կրնային ըլլալ ի դէմ հանդիման թրքական պետական մարմիններու գանատահայ գաղութին իրագործումներուն դէմ կազմակերպած արդեն իսկ դիմակազերծուած եւ կազմակերպեալ նախայարձակ քայլերուն:  Այդ երազը այլեւս թաղեցինք:

Կարծես թէ չէինք գիտեր, բայց փաստեցինք թէ հայերս կրնանք լաւապէս իրար չեզոքացնել:  Բայց այս  «գիտելիք»ին ալ գինը բաւականին սուղ եղաւ թէ' մեր գաղութին եւ թէ' ալ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին ապագայի ուժականութեան համար:

Այսօր սակայն՝ մեր ազգային ինքնապատճառ անկարողութիւնը մեզ կը դնէ իրականութեան մը առջեւ, որմէ եթէ չկարողանանք առնել անհրաժեշտ դասերը եւ անոնցմէ հետեւող քայլերը՝ ապա դատապարտուած պիտի ըլլանք միշտ օրօրելու մեր գլուխները եւ կրկնելու մեր յաւիտենական «մարդ պիտի չըլլանք»ը, այլ նոյնիսկ զայն պիտի գոռգոռանք սրահներէ ներս եւ ափսոսանք, ծեծենք մեր կուրծքերը եւ ողբանք մեր ազգին ապագան:  Յետո՞յ: Յետոյ ոչինչ: «Աս աս է եւ ասանկ ալ պիտի երթայ», պիտի ըսեն, «մոռցի'ր թող անցնի»:

Իսկ նոր սերո՞ւնդը: Չէ՞ որ անոր խոստացած էինք բաժանումներու վերացում: Չէ՞ որ տարիներէ ի վեր Մոնթրէալի քաղաքի կեդրոնը ամէն Ապրիլ 24ին միասին կը քալեն մեր տղաքը:  Ի՞նչ է, սո՞ւտ է այդ:

Իսկ հայկական հա՞րցը: Չէ՞ որ անոր հետապնդումը բոլորին անկեղծ ներդրումին կը կարօտի: Դադրի՞նք ատոր հաւատալէ:

Իսկ Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ տարուելիք աշխատանքները: Չէ՞ որ անոնք միմիայն կրնան իրագործուիլ եթէ բոլորս միասին լծուինք այս գործին: Ընդհատե՞նք այդ աշխատանքը որովհետեւ ապարդի՞ւն է:

Հիմա ի՞նչ պիտի ընենք:

Դիւրին պիտի ըլլար ըսել թէ ո'վ որ այս վիճակին հասցուց մեզ, ի'նքն ալ լուծումը թող տայ:

Իսկ եթէ՞ լուծում չառաջարկուի, կամ նոյնիսկ եղածը նուազագոյնօրէն խնդրայարոյց չսեպուի՞ անգամ:

Հարցումը կը մնայ: Ի՞նչ պիտի ընենք:

Եթէ փորձենք առարկայականօրէն մտածել թէ ի՞նչ է պատահածը՝ կրնանք հաւանաբար յանգիլ հետեւեալ եզրակացութիւններէն առնուազն մէկուն կամ ա'լ մէկէ աւելիին եւ կամ ա'լ բոլորին:

1.      Կարեւոր չէ թէ որ «կողմ»ին կրնանք պատկանիլ կամ ո'չ, ուրիշ «կողմ»ի մը պատկանողները կամ ալ անոնց հրահանգողները ազգային շահերու դէմ դաւադրող դաւաճաններ են:

2.      Կարեւոր չէ թէ որ «կողմ»ին կրնանք պատկանիլ կամ ո'չ, ուրիշ «կողմ»ի մը պատկանողները կամ ալ անոնց հրահանգողները ստախօսներ են:

3.      Կարեւոր չէ թէ որ «կողմ»ին կրնանք պատկանիլ կամ ո'չ, ուրիշ «կողմ»ի մը պատկանողները կամ ալ անոնց հրահանգողները միմիայն իրենց նեղ անձնական շահերը հետապնդող անձեր են:

4.      Կարեւոր չէ թէ որ «կողմ»ին կրնանք պատկանիլ կամ ո'չ, ուրիշ «կողմ»ի մը պատկանողները կամ ալ անոնց հրահանգողները միմիայն իրենց կազմակերպչական կամ ալ կուսակցական շահերը փնտռող անձեր են եւ հայութիւնը առաջնահերթ չէ իրենց համար:

5.      Կարեւոր չէ թէ որ «կողմ»ին կրնանք պատկանիլ կամ ո'չ, ուրիշ «կողմ»ի մը պատկանողները կամ ալ անոնց հրահանգողները ծախուած գործակալներ են, եւ ուրեմն միմիայն մեր արգահատանքին արժանի են:

Նմանօրինակ «տրամաբանութեան» շարունակականութիւնը ուրեմն պիտի թելադրէր թէ անկարելի է ստախօսներու, դաւաճաններու, շահամոլներու, նեղմիտներու եւ գործակալներու հետ լեզու գտնել եւ ուրեմն ամէն ի'նչ անհիմն է եւ կրկին պիտի վերադառնայինք սկզբնական քառակուսիին:

Իրականութիւնը սակայն բնաւ այդպէս անհեթեթ չէ: Եղածը իր արդիւնքով կը դատուի: Ինչ անուն ալ տանք եղածին, եւ ինչքան ալ աշխատինք դառն իրականութիւնը «ժողովրդավարական» լոզունգներով անուշցնել, միակ պարտուողը հայութիւնն է որ դուրս եկաւ: Խրամատը կայ, գոյութիւն ունի, կը խորանայ եւ վէրքն ալ կը շարունակէ արիւնիլ՝ նոյնիսկ հաւանաբար աւելի յորդառատօրէն քան առաջ:

Բան մը չեղածի նման նոյն ուղիով ընթանալը, լաւագոյն պարագային տկարամտութիւն պիտի ըլլար, յոռեգոյն պարագային՝ խմբային ինքնասպանութիւն:  Ա՞յս է մեր ուզածը:

Իսկ ի՞նչ է կոչիս միտք բանին:  Նոյնը ինչ որ ամիսներ առաջ արտայայտած էի keghart.com ի էջերէն, այսինքն.

·         Անմիջապէս դադրեցնել արիւնահոսութիւնը:  Այո', դանակը ոսկորին հասած է, սակայն հիւանդը չբուժուիր այդ ոսկորին վերջին տապարային հարուած մըն ալ տալով:  Ուրեմն պէտք է դադրեցնել հանրային բոլոր լուտանքները ի գին մեր իսկ ինքնարժեւորման:

·         Վստահութիւն ներշնչող անմիջական եւ յստակօրէն շինիչ քայլեր կատարել բոլորին կողմէ: Օրինակ՝ ակումբներէ ներս հրաւիրել իրար, հանրային կարծիքի փոխանակութեան համար մեր ամբողջ գաղութի անդամներու ներկայութեամբ: Չվախնալ խօսք ու ձայն տալէ ընդդիմադիրներու եւ անկախ մտածողներու որպէսզի առիթ ըլլայ շինիչ քննադատութեան ոգի մը ներկայացնել: Ընդունիլ սխալները, ի գին բարելաւման եւ ապագայի մարտահրաւէրներուն: Վիճաբանութիւնները նկարահանել եւ պատկերասփռել:

·         Բուժում առաջարկելէ առաջ, նախ կեդրոնանալ ախտաճանաչման վրայ:  Ըստ ինծի, մենք իրարու հետ նոյն «լեզու»ն չենք խօսիր:  Իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն ունի իր պատմութիւնը, զարգացումը, մտահոգութիւններն ու վախերը, եւ նաեւ ցոլացումն է իր ղեկավար տարրին: Մեր ազգային բաժանումները ինքնին արդեն իսկ այդ լեզուն դժուար հասկնալի կը դարձնեն: Մեր պատմութեան հանդէպ մեր անառարկայութիւնը նաեւ կու գայ մեր ժառանգած միտքերէն եւ ընդհանրապէս քննադատական եւ մտաւորական վերլուծման հանդէպ մեր ունեցած վերապահութենէն: Եթէ անոնց վրայ ալ գումարենք նաեւ աշխարհայեացքի տարբերութիւնները, արդեն իսկ իրար ճիշդ հասկնալու այդ հաւանականութիւնը յստակօրէն կը նուազի:  Իրար ճիշդ հասկնալ կը նշանակէ նաեւ ընդունիլ բանակցութեան «խաղ»ին օրէնքները: Առնուազն ընդունիլ թէ տարբեր էութիւնններ զանոնք տարբեր ձեւով կ'ըմբռնեն: Հայկական աւանդական կուսակցութեան կագապահութեան վարժ ենթակայ մը՝ կրնայ օրինակ չհասկնալ եւ չըմբռնել թէ ազատ միտքի մթնոլորտի մէջ մեծցած ուրիշ մը ի՞նչպէս պիտի իր առաջադրածը երաշխաւորէ եթէ իր նման կարգապահական դրութեան մը ենթակայ չէ:  Իրար չհասկնալը կը տանի դիմացինին հանդէպ կասկածամտութեան, կասկածամտութիւնը կը տանի թերահաւատութեան, որ ինքին՝ իրարամերժութեան առաջին յանգրուանն է:

·         Լրջօրէն մտածել եւ մնայուն ծրագրուած աշխատանք տանիլ միասնականութեան ի խնդիր՝ կազմելով միջ-կազմակերպչական մնայուն մարմին մը: Ազգային միասնականութեան մասին որեւէ խօսք ինքնին միմիայն գործով է որ կ'իրականանայ եւ ո'չ թէ պարզ խօսքերով: Միասնականութիւնը սակայն՝ անշուշտ որ հարցադրումի տակ չի դնէր միւս հարցերը երբ որ միասնական աշխատանքին առանցքը գետնի վրայ գտնուող ոյժերու բաժանումն ու իրավիճակը փոփոխութեան ենթարկելու հետեւանք պիտի չունենայ: Օրինակ՝ դժուար չէ համախմբուիլ ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միացեալ ոգեկոչման լոզունգին տակ, կամ ալ Հայաստանի անկախութեան ի նպաստ միացեալ ձեռնարկի մը համար:  Ասոնք սոսկ կազմակերպչական կամայականութեան հարցեր են որոնք գաղութային տեղական վարչական ամենօրեան փոփոխութեան չեն ենթարկեր: Փորձենք սակայն խօսիլ քաղաքական լուրջ եւ երկարաշունչ ծրագրի մը մասին ուր մեր բոլոր ոյժերը պէտք է հաւանաբար սերնդային ժամանակաշրջանի մը վրայ զօրաշարժի ենթարկել եւ իւրաքանչիւր անհատ թէ կազմակերպութիւն պէտք է ընդունի խաղալ իրեն վստահուած դերը միմիայն (սակայն կատարելապէս), եւ հոն արդեն պիտի մէջտեղ գան  վերոյիշեալ «անհասկացողութիւններ»ը (ինչպէս անոր վկան եղաւ ամբողջ գանատահայութիւնը հայ թեկնածուներու հարցով):  Իրականութիւնը այն է թէ միասնական խորին աշխատանքը միմիայն կ'իրագործուի դիրքերու զիջումներով, զիջումներն ալ՝ իրարու հանդէպ վստահութեամբ եւ քաջատեղեակ ըլլալով թէ եթէ դեր մը պիտի զիջինք ուրիշին, որովհետեւ այդ ուրիշը աւելի լաւ կրնայ կատարել այդ դերը. իսկ այդ վստահութիւնը ունենալու համար մեր իսկ «ուրիշ»ին հանդէպ՝ պէտք է հասկնալ դիմացինին ըսածը եւ մանաւանդ չըսածն ալ:  Ինչ որ շատ ճիգ եւ ներդրում կը պահանջէ մեզմէ, եւ պէտք է իսկապէս ուզենք այդ ընել:

Ճանապարհը դիւրին չէ, եւ շատ յաճախ գայթակղութիւնը կայ նախընտրել ապաւինիլ օտարին, որովհետեւ այդ օտարը ծանօթ «արժեք» մըն է որուն շահերը կը յաւակնինք աւելի յստակօրէն գիտնալ քան թէ մեր իսկ «ուրիշ»ինը: Անոր ապաւինիլը դիւրին է: Ձեւով մը հաւաքական ծուլութիւն մըն է մեր իսկ կողմէ, պատրաստ չըլլալով հասկնալու մենք զմեզ:

Բայց մէկ բան արեգակի նման յստակ է եւ չփոխուիր:  Եթէ քայլեր չառնենք, մեր իրավիճակը պիտի չբարելաւուի:

Կոչս ուրեմն կրնայ ամփոփուիլ ամբողջ արեւմտեան աշխարհի փիլիսոփայութեան հիմքը հաստատող Սոկրատեսի սիրեցեալ առածով -  «Ծանի'ր զքեզ» -, որ նոյնպէս փորագրուած էր հին Յունաստանի Ափոլօնի տաճարի ճակատին, որպէս ապագայի գուշակութիւնը լաւագոյն կերպով յստակացնելու բանալին:

Եթէ' անշուշտ կը հաւատանք թէ ապագայ մը ունինք միասին կերտելու: